Ինչպէս նախապէս ալ գրած ենք, Սեւան Նշանեանի իբրեւ թէ ապօրէն շինարարութեան մեղադրանքով բանտարկուելէն ետք, իրերայաջորդ կը տեղան այլեւայլ մեղադրական բողոքներ:
Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն հաւաքուած ստորագրութիւններով մարդիկ բողոք կը ներկայացնեն դատարաններուն, իսլամներու մարգարէ Մուհամմէտը անարգող Սեւան Նշանեանի պատժուիլը պահանջելով:
Յիշեցնենք, որ Նշանեան «Ես չեմ հաւատար Մուհամմէտի մարգարէութեան, առհասարակ չեմ հաւատար մարգարէութեան: Ծիծաղելի է ոեւէ մէկուն Աստուծմէ պատգամ լսած ըլլալու պնդումը: Կը խորհիմ նաեւ, որ ամօթ է: Մուհամմէտ կամ ստած է, կամ ալ երազ տեսած» ըսած էր: Միւս կողմէ Նշանեանի իրաւապաշտպան Էրկին Ճինմէն կ'ըսէ, թէ «Նշանեան արդէն դատուած է ու դատապարտուած այս մեղադրանքով: Վերջնական որոշումը պիտի տայ Վճռաբեկ ատեանը: Ուստի կարելի չէ նոյն յանցագործութեան համար մէկէ աւելի անգամներ պատժել: Նամակագիրներու բուն նպատակը պաշտպանեալս անհանգստացնել ու ձանձրացնել ըլլալու է»: