Այս տարի բացառիկ շուքով եւ հաւատացեալներու խուռն բազմութեան ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը։ Գոքինիոյ Թաղական Խորհրդոյ մասնաւոր կարգադրութեամբ եռօրեայ տօն նշանակուած ըլլալով, Ուրբաթ օր նախատօնակ տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու խուռն բազմութեան ներկայութեան։ Նոյն օրը,
- Սան Ֆրանսիսքոյէն կը գրեն «Հայրենիք»ին.- Շարլ Ազնաւուր, աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ-երգահանը, դերասանն ու բեմադրիչը, Թենքս-կիվինկի ամբողջ շաբաթը կը գտնուէր Սան Ֆրանսիսքօ: Հինգ երեկոյ երգեց «Կերի» թատրոնին մէջ, որ ամէն օր լեցուած էր զինք սիրող ունկնդիրներով: Աննախընթաց երեւոյթ մըն էր այս՝ Սան Ֆրանսիսքոյի թատրոններուն համար: Ոչ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան 75ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ արտերկրի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ, ժողովրդային հոծ բազմութեանց ներկայութեան եւ խանդավառութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ: Ստորեւ կու տանք ամփոփ պատկերը հայկական գլխաւոր կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեանց. - Ա.- Հ. Յ. Դաշնակցութեան 75ամեակը
Կարելի չէ կարդալ Ուրֆայի հերոսամարտը եւ անտարբեր մնալ: Այսպէս յայտարարած է հայ վշտի երգիչ Ա. Ահարոնեան, Ուրֆայի հերոսամարտին նուիրուած իր ներբողականին մէջ: Ուրֆայի հերոսամարտը եղաւ եզակի մէկ արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդի ընդվզումին եւ ինքնապաշտպանութեան: Մինչեւ 29 Սեպտեմբեր 1915 շատ մը հայկական գաւառներ դատարկուած էին հայ բնակչութենէ: Ուրֆան դարձած էր կայան մը այդ աքսորական ու թշուառ կարաւաններուն համար: Զէյթունի ժողովուրդը ջարդուած էր Տէր Զօրի ճամբուն վրայ: Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ոտնագնդակի խումբը, Կիրակի օր, Բիրէայի Քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, Բիրէայի Գրդ դասակարգի ախոյենական մրցաշարքի իր երկրորդ հանդիպումը ունեցաւ Ասթիր Էվենիաս զօրաւոր խումբին հետ։ Մըրցման հետեւելու եւ մեր մարզիկները քաջալերելու համար դաշտ փութացած էին մեծ թիւով մարզասէր Հ.Մ.Ը.Մ.կաններ եւ բարեկամներ։ Խաղի առաջին վայրկեաններէն հակառակորդ խումբը թէեւ իր գերակայութիւնը զգալի ըրաւ, սակայն, չկրցաւ որեւէ յաջողութիւն արձանագրել՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բերդը անմատչելի դարձնելու համար մեր