Հ. Յ. Դաշնակցութեան 75ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ արտերկրի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ, ժողովրդային հոծ բազմութեանց ներկայութեան եւ խանդավառութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ: Ստորեւ կու տանք ամփոփ պատկերը հայկական գլխաւոր կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեանց. - Ա.- Հ. Յ. Դաշնակցութեան 75ամեակը տօնակատարուեցաւ առաջին հերթին Պուէնոս Այրեսի մէջ, Հոկտեմբեր 23ին: Բանախօսեց  Աշոտ Արծրունի: Խօսք առին նաեւ ուրիշներ: Բ.- 75ամեակը փառաշուք կերպով տօնուեցաւ նաեւ Սան Փաւլոյի մէջ, Նոյեմբեր 6ին: Նախագահեց Ս. Փամպուքճեան: 75ամեակը այնուհետեւ յաջորդաբար եւ միշտ հոծ բազմութեանց ներկայութեան տօնուեցաւ նաեւ Արժանթինի, Պրազիլի եւ հարաւամերիկեան այլ գաղութներու մէջ: Գ.- 75ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Թեհրանի մէջ, Հոկտեմբերի վերջը, ի ներկայութեան հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն. բանախօսեց տոքթ. Բաբգէն Փափազեան: Դ.- Փարիզի մէջ, Հոկտեմբեր 30-ին, Զ. թաղամասի քաղաքապետարանի սրահներուն մէջ: Խօսք առին յաջորդաբար՝ Աշոտ Իսահակեան, Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Փուշուճեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօս Միսաք Միրզէ: Եօթանասունհինգամեակը բացառիկ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Վալանսի, Վիենի, Տեսինի եւ Լիոնի մէջ: Ե.- Մարսէյի մէջ, նոյնպէս Հոկտեմբեր 30-ին: Ներկայ եղան նաեւ օտար պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ի միջի այլոց՝ Մարսէյի քաղաքապետը։  Զ.- Ուաշինկթընի մէջ, 31 Հոկտեմբերին, ուղեկից կազմակերպութեանց մասնակցութեամբ: Նախագահեց Արշ. Շիրակեան: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար Ուաշինկթըն գտնուող Միսաք Թորլաքեան: Դաշնակցութեան օրը բացառիկ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ զանազան կեդրոններուն մէջ: Է.- Աթէնքի մէջ, Նոյեմբեր 21ին, հոծ բազմութեան մը եւ Ազգ. իշխանութեանց ու մարմիններուն ներկայութեան: Նախագահեց Օննիկ Զաքարեան: Յաջորդաբար խօսք առին՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան կողմէ Շաքէ Տէր-Յարութիւնեան եւ օրուան  բանախօս, յատկապէս Պէյրութէն հրաւիրուած տոքթ. Բ. Փափազեան: 75ամեակը նոյնքան բացառիկ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Յունաստանի զանազան հայաշատ քաղաքներուն մէջ, ուր խօսք առին մտաւորական ընկերներ: