Այս տարի բացառիկ շուքով եւ հաւատացեալներու խուռն բազմութեան ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը։ Գոքինիոյ Թաղական Խորհրդոյ մասնաւոր կարգադրութեամբ եռօրեայ տօն նշանակուած ըլլալով, Ուրբաթ օր նախատօնակ տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու խուռն բազմութեան ներկայութեան։ Նոյն օրը, յատուկ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ մատաղցու ոչխարներու զենումը։ Շաբաթ օր եւս, երեկոյեան մասնաւոր ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ ու ժողովուրդը մինչեւ ուշ գիշեր մնաց շարականներ ու մեղեդիներ երգելով։ Կիրակի, Դեկտեմբեր 26ին, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ աննախընթաց բազմութեան ներկայութեան։ Աթէնքի եւ շրջակայքի թաղամասերէն եւս բազմաթիւ հայրենակիցներ փութացած էին Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցին։ Պատարագիչն էր Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Սահակ Արք. Այվազեան, որ իր իմաստալից քարոզովը մխիթարեց հաւատացեալ ժողովուրդը, թելադրելով կապուած մնալ հայ եկեղեցական սրբութիւններուն, աւանդութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայկական բոլոր նուիրականութեանց։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեց «Կիլիկիա» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ տիկին
Ալիս Ֆարաճեանի։ Կարելի է անվարան ըսել, որ Պատարագի ամբողջ տեւողութեան, երգչախումբը անթերի եւ ներդաշնակ կերպով երգեց մեր զմայելի շարականները եւ օրուան տօնակատարութեան փայլը աւելցուց։ Աթէնքի սարկաւագներու մասնակցութիւնն ալ օրուան տօնին մասնաւոր շքեղութիւն մը տուաւ։ Պատարագի աւարտէն ետք, հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտամունք կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան սատարած հանգուցեալ ազգայիններու ինչպէս նաեւ դպիրներու յիշատակին։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ մատաղաբաշխում։ Աւելի քան 1300 մատաղի ծրարիկներ բաժնուեցան հանրութեան։ Գոքինիոյ հայկական Ծերանոցը ուղարկուեցան ոչխարներու համեղ եղինձ ¥փիլաֆ¤ եւ մատաղի 50 ծրարիկներ։