Կարելի չէ կարդալ Ուրֆայի հերոսամարտը եւ անտարբեր մնալ: Այսպէս յայտարարած է հայ վշտի երգիչ Ա. Ահարոնեան, Ուրֆայի հերոսամարտին նուիրուած իր ներբողականին մէջ: Ուրֆայի հերոսամարտը եղաւ եզակի մէկ արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդի ընդվզումին եւ ինքնապաշտպանութեան: Մինչեւ 29 Սեպտեմբեր 1915 շատ մը հայկական գաւառներ դատարկուած էին հայ բնակչութենէ: Ուրֆան դարձած էր կայան մը այդ աքսորական ու թշուառ կարաւաններուն համար: Զէյթունի ժողովուրդը ջարդուած էր Տէր Զօրի ճամբուն վրայ: Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս եղերականօրէն նահատակուած էին Ուրֆայի մօտերը: Ուրֆայի մտաւորական ընտրանին եւ առաջնորդը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւնը, հաւաքուած եւ ջարդուած էին: Ժողովուրդին համար կը մնար մահուան պատուաւոր ճանապարհը: Մեռնիլ քաջութեամբ: Ուրֆացիին նշանաբանը եղաւ ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է, եւ ան դիմեց իմացեալ մահուան՝ նուաճելով անմահութեան դափնեպսակը: 29 Սեպտեմբեր 1915ին Ուրֆայի եկեղեցիները ժողովուրդին հաղորդեցին, իրենց սրբահունչ զանգերու ղօղանջով, հաւա՛քաբար, եղբա՛յրօրէն մարտնչելու եւ նահատակուելու պատգամը: Թուրք գազազած ամբոխը քալեց հայոց թաղամասերուն վրայ, բայց իրեն դէմ գտաւ բռունցքը հայու վճռակամութեան: Իրենց դէմ նոյն բռունցքը գտան խուժանին յաջորդող թուրք ոստիկանութիւնն ու բանակը: Հայ ժողովուրդը, մեծով ու փոքրով, ծերով ու երիտասարդով դիմադրեց թրքական բանակին, Դամասկոսէն եկած Ֆախրի փաշայի հսկայական գումարտակներուն, գերմանացի մասնագէտ թնդանօթաձիգներուն, ինչպէս նաեւ թուրքեւգերման խարդախ դիւանագիտութեան: Ուրֆացին այդ ճգնաժամային օրերուն միացաւ ու կազմակերպուեցաւ, զինուեցաւ հոգիով ու մարմնով ու քաջաբար ջարդեց թշնամի խուժանները: Հերոսական ուրֆացին հասած էր իր նպատակին: Նոյնինքն Ֆախրի փաշա կոչեցեալ արիւնարբուն այսպէս վկայած է.- «Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը, եթէ այս ծանր օրերուն քանի մը ուրֆաներ մեզի դէմ ծառանային»: Այո, եթէ քանի մը ուրֆաներ եւս այս քաջութեամբ ծառանային, բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար մեր ճակատագիրը: Տակաւին միայն 50 տարի անցած է այն օրերէն, երբ Ուրֆայի մէջ մեր հայրերը օրհասական կռիւ մղեցին մեր դարաւոր թշնամիին դէմ: