- Սան Ֆրանսիսքոյէն կը գրեն «Հայրենիք»ին.- Շարլ Ազնաւուր, աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ-երգահանը, դերասանն ու բեմադրիչը, Թենքս-կիվինկի ամբողջ շաբաթը կը գտնուէր Սան Ֆրանսիսքօ: Հինգ երեկոյ երգեց «Կերի» թատրոնին մէջ, որ ամէն օր լեցուած էր զինք սիրող ունկնդիրներով: Աննախընթաց երեւոյթ մըն էր այս՝ Սան Ֆրանսիսքոյի թատրոններուն համար: Ոչ մէկ այլ երգիչ կրցած է այնքան մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծել հասարակութեան մէջ, որ թատրոնի մը աթոռները հինգ օր յաջորդաբար ամբողջովին գրաւուին: Տեղական մամուլի երաժշտական քննադատները անխառն գովեստով արտայայտուեցան հայազգի երգիչին մասին: Ազնաւուր երգեց գլխաւորաբար ֆրանսերէն երգեր՝ անոնց խառնելով մի քանի անգլերէն երգեր: Շատ կը սիրէինք լսել մէկ-երկու հայերէն երգեր: Կը յուսանք, թէ ան պիտի անդրադառնայ այս պակասին, երբ գտնուի մեծ հայ գաղութներու մէջ եւ ֆրանսերէն ու անգլերէն երգերուն աւելցնէ մէկ-երկու հայերէն երգեր:

- Նոյեմբեր 24ին, Չորեքշաբթի երեկոյ, տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններ իրենց հռչակաւոր «Օմար Խայեամ» ճաշարանին մէջ ի պատիւ Ազնաւուրի սարքեցին փառաւոր շամփանիայի երեկոյ մը: Սեղանը զարդարուած էր հայկական համեղ խմորեղէններով ու քաղցրեղէններով՝ ի շարս այլոց: Ազնաւուրին կþընկերանային իր աղջիկը՝ Փաթրիսիա (Սեդա) եւ իր խումբի անդամ երաժիշտները: Որպէսզի որոշ մարդիկ անձամբ ծանօթանան հայազգի համբաւաւոր երգիչին, տէր եւ տիկին Մարտիկեաններ հրաւիրած էին շամփանիայի երեկոյին մասնակցելու տեղական թերթերու լրագրողները, ռատիոյի ներկայացուցիչները, ականաւոր քաղաքացիներ եւ բարեկամ հայեր, որոնք բոլորը երգահանդէսէն ետք թատրոնէն ուղղակի «Օմար Խայեամ» ճաշարանը եկան: Այս գեղեցիկ երեկոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը: