Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ոտնագնդակի խումբը, Կիրակի օր, Բիրէայի Քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, Բիրէայի Գրդ դասակարգի ախոյենական մրցաշարքի իր երկրորդ հանդիպումը ունեցաւ Ասթիր Էվենիաս զօրաւոր խումբին հետ։ Մըրցման հետեւելու եւ մեր մարզիկները քաջալերելու համար դաշտ փութացած էին մեծ թիւով մարզասէր Հ.Մ.Ը.Մ.կաններ եւ բարեկամներ։ Խաղի առաջին  վայրկեաններէն հակառակորդ խումբը թէեւ իր գերակայութիւնը զգալի ըրաւ, սակայն, չկրցաւ որեւէ յաջողութիւն արձանագրել՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բերդը անմատչելի դարձնելու համար մեր յետսապահներու թափած գնահատելի ճիգերուն շնորհիւ։ Մեր յարձակողական գծի մարզիկներու կողմէ բազմիցս գործուած յարձակումներն ալ թէեւ յաջող էին, բայց, արդիւնք չտուին։ Երկրորդ կիսախաղը հազիւ սկսած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբի լաւագոյն մարզիկներէն եղբ. Կ. Չալեան ծանրօրէն վիրաւորուելով դաշտէն հեռացաւ ու մեր խումբը ստիպուեցաւ խաղը շարունակել 10 մարզիկներով։ Մեր մարզիկները իրենց եռանդն ու ճիգերը բազմապատկեցին, իրենց վիրաւորուած ընկերոջ պակասը զգալի չընելու համար, սակայն, դըժբախտաբար, 5 վայրկեան վերջ վիրաւորուելով ու խումբը միայն 9 հոգիով ձգելով դաշտէն հեռացաւ նաեւ եղբ. Յ. Արապեան, որ սակայն, նախապէս, զօրաւոր հարուածով մը, գնդակը հասցուցած էր եղբ. Պոնափարթիսին։ Ան՝ այդ պահուն հակառակորդ խումբի բերդէն քանի մը մեթր հեռու գտնուելով՝ մարմնի գեղեցիկ շարժումով մը իր ետին թողուց հակառակորդը եւ անմիջապէս գնդակը փոխանցեց ձախ¬բաց եղբ. Վ. Զարդարեանին, որ կայծակի արագութեամբ դէպի հակառակորդ բերդը խոյացաւ ու նշանակեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակի կէտը։ Իրենց խաղարկութեամբ դաշտին տիրապետեցին՝ եղբայրներ Կ. Չալեան, Յ. Արապեան, Ս. Փոսթաճեան, Հ. Վարդանեան, Վ. Զարդարեան եւ նորեկ եղբ. Թագւոր Յովակիմեան, որ հակառակ անփորձ ըլլալուն՝ խումբի յաղթանակը կերտողներէն լաւագոյնը հանդիսացաւ։ Ամբողջ խաղի տեւողութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկները ցուցաբերեցին իսկական մարզական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգի, որուն համար արժանի են ջերմ գնահատանքի։