- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Ֆրանսայի վարչապետի ներկայացուցիչ Ատրիէն Կութէյրոնի միջեւ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ֆրանսական Le Monde պարբերականին տեղեկութիւններով, Ֆրանսայի իշխանութիւնները, Ֆրանսայի մէջ բնակելու արտօնութիւն չստացած փախստականներէն իւրաքանչիւրին մինչեւ 2000ական եուրօ պիտի վճարեն, եթէ անոնք կամաւոր համաձայնին հայրենիք վերադառնալ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴաշնակցութեան շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամբով 87 նորագիրներ միացան ՀՅԴ-ի շարքերուն‘ ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հեռուստամարաթոն 2011-ի աւարտին արձանագրուեցաւ 12.286.478 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Այս տարի ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հեռուստամարաթոն 2011-էն հաւաքուած գումարը պիտի ուղղուի Հայաստանի եւ Արցախի ջրամատակարարման ենթակառուցուածքներու կառուցման կամ նորոգման, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ զարգացման ծրագրեր իրականացնել գիւղական համայնքներու մէջ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2011-ը պատմական եւ իւրայատուկ օր մըն էր «Ազդակ»-ի պատմութեան մէջ եւ անոր ճամբով լիբանանահայ ու սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Արդարեւ, «Եռագոյն ֆոնտ»-ի նուիրատուութեամբ «Ազդակ»-ի տպարանի վերանորոգութիւնն ու գունաւոր էջերով հրատարակուելու կարելիութեամբ օժտուելու երեւոյթը միայն «Ազդակ»-ի նեղ շրջանակին մէջ չի մնար, այլ թերթը իր նոր տեսքով կը հասնի իր բոլոր ընթերցողներուն: