ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ուրբաթ երեկոյեան, նախագահելով Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակի հանդիսութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց համայնքի կեանքէն ներս եկեղեցւոյ առանցքային դերը ու կեդրոնական տեղը:

Ռուսական «Ռեկնում» գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Սայփրըս Մէյլ» թերթը՝ կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի բռնագրաւեալ թրքական հատուածին մէջ գտնուող հայկական Ս. Մակար վանքը ոչընչացման եզրին է։

Դեկտեմբեր 3-ին Փարիզի մէջ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի նախաձեռնութեամբ, գումարուեցաւԵւրոպական երկիրներու մէջ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպաններու եւ մշտական ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութիւնը:

Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին ԱՄՆի փոխ նախագահը քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը

Միացեալ նահանգներու փոխ նախագահ Ճոզէֆ Պայտըն Ուրբաթ 2 Դեկտեմբերին երկօրեայ այցելութեամբ Թուրքիա գտնուեցաւ, Անգարայի մէջ մասնակցելու համար «Համաշխարհային նախաձեռնութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովին, որմէ ետք ան անցաւ Պոլիս, ուր Շաբաթ օր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Յառաջիկայ շաբաթավերջին (Դեկտեմբեր 8-9ին) նախատեսուած Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, ճգնաժամային նախապատրաստական տասնօրեակ մը կը սպասուի, որ եւրօի ապագայ բախտը պիտի ճշդէ: