Ռուսական «Ռեկնում» գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Սայփրըս Մէյլ» թերթը՝ կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի բռնագրաւեալ թրքական հատուածին մէջ գտնուող հայկական Ս. Մակար վանքը ոչընչացման եզրին է։

Անիկա աղբանոցի վերածուած է եւ հայերու այդ ուխտատեղին շուտով հողին պիտի հաւասարեցուի, կը նախազգուշացնէ թերթը, նշելով թէ վերջին տարիներուն ընթացքին թոյլատրուած է հայկական այս ուխտավայրէն ներս այցելու ուխտաւորներու ներկայութիւնը:
Հանրակառքով, տարին անգամ մը, մեր կիպրահայ հայրենակիցները կ'այցելեն Ս. Մակար վանքային համալիրը, եւ կ'աղօթեն հնամեայ այս վայրէն ներս:
Ս. Մակար վանքը հիմնադրուած է 1000 թուականին՝ ղպտիներուն կողմէ, ի յիշատակ չորրորդ դարուն Եգիպտոսի մէջ ապրած Ս. Մակար Ալեքսանտրացիին։
1425ին, վանքը դարձած է Հայ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը եւ հայերուն համար ուխտատեղիի վերածուած է։ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, վանքը վերապրողներուն համար իբրեւ ապաստան ծառայած է: