Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴաշնակցութեան շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամբով 87 նորագիրներ միացան ՀՅԴ-ի շարքերուն‘ ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն:


Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ երդման արարողութիւնը նկատեց բացառիկ առիթ մը‘ որոշելու անձնազոհութեամբ եւ ամենայն գիտակցութեամբ միանալ կուսակցութեան շարքերուն: Անոր համաձայն, այս դարու մարտահրաւէրները բազում են, սակայն դաշնակցական երիտասարդը կորովն ու կարողութիւնը պիտի ունենայ պայքարելու անոնց դէմ, այսպիսով զանազանուելով այլ երիտասարդներէն:
Մ. Նալպանտեանի համաձայն, թէեւ ՀՅԴ-ի Ծրագիրի ու Կանոնագիրի մշակուած թուականէն բաւական երկար ժամանակ անցած է, դարու բերած վտանգները փոխուած են, սակայն կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու ուղեգիծը կը մնան նոյնը‘ այսպիսով դաշնակցականը դնելով նիւթաբարոյական պարտաւորութիւններու, մահուան գնով ազգին նուիրուելու պատրաստակամ ըլլալու դէմ յանդիման: Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելու թեկնածու երիտասարդը պէտք է գիտնայ, որ հայրենիքը կը մնայ բացարձակ հասկացողութիւն, իսկ համայն սփիւռքին եւ լիբանանահայ գաղութին ծառայելու պարտաւորութիւնը‘ առաջնահերթութիւններու կարգին: Իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդ պէտք է գործէ իր համայնքի ուժեղացման, հզօրացման ու ամրապնդման համար:
Մ. Նալպանտեան պահը նկատեց լրջութեան եւ ինքնագիտակցութեան պահ, որպէսզի կարելի ըլլայ նուիրական ըլլալու ճիշդ որոշումը տալ եւ ըստ այնմ մուտք գործել ՀՅԴ-ի շարքերը: Ան սերունդը կոչեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 20-ամեակի սերունդ»: