Նոյեմբեր 28-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան ընդունեց տարածաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս  Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն, Ռոպերթ Պրատքին, Իկոր Փոփովը եւ ԵԱՀԿ գործող քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիկը:

Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում: Սոյն հանդիպման մասնակցեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար տոքթ. Կրկես Սալեհ, ասորի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպա, իսկ հայ եկեղեցիէն Նարեկ արք. Ալեէմեզեան՝ վարիչ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ շաբաթ Կիպրոսի մէջ տեղի ունենալիք խորհուրդի համաժողովին օրակարգի նիւթերը:

Հայոց մեծ բարեկամին աճիւնը հողին յանձնուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ

«Նոր Յառաջ» թերթէն կ'իմանանք, թէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, հայոց անկեղծ բարեկամ Հանրի Սապիի աճիւնը, իր կտակին համաձայնյ ամփոփուեցաւ Ստեփանակերտի Քաղաքային Յուշահամալիրին մէջ:

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 65-րդ լսարանը, որուն զեկուցաբերն էր Միհրան Քիւրտօղլեան: Անոր զեկուցումին նիւթն էր «Սփիւռքեան խնդիրներն ու արեւմտահայերէնի իրավիճակը»:

Լաս Վեկասի «Ուինն» պանդոկի հրուշակագործ-ձեւաւորող Ֆլորա Աղապապեան վերջերս Օքլահոմայի Թուլսա քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ հարսանեկան կարկանդակներու աշխարհի մրցումին ու գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ: