Դեկտեմբեր 3-ին Փարիզի մէջ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի նախաձեռնութեամբ, գումարուեցաւԵւրոպական երկիրներու մէջ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպաններու եւ մշտական ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութիւնը:
Ժողովը անդրադարձաւ Օգոստոսին կայացած ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական մարմնոյ եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին:
Նախարար Նալբանդեանը Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ներկայացուց մեր երկրի արտաքին քաղաքական բնագաւառէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումները եւ սպասուող իրադարձութիւնները: Յանձնարարականներ տրուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման հարցերու մասին:
Քննարկուեցան նաեւ հիւպատոսական ծառայութիւններու մակարդակի, օտար երկիրներու մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներու պաշտպանութեան հարցեր:
Հայաստանի դեսպանները եւ մշտական ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցին Եւրոպայի երկիրներէն ներս ընթացող գործընթացները եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Քննարկումներուն մէջ տեղ գտան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր: