«Անանուն ցուցարարը»՝ TIME պարբերաթերթի տարուայ դէմք հռչակուեցաւ

Ամերիկեան Time ամսագրի խմբագրութիւնը տարեվերջի իր թիւով ընտրեց «Տարուայ դէմք»ը։ Որոշ ժամանակ համացանցի մէջ իրագործուած հարցախոյզերէ ետք, (ուր մասնակիցներուն կողմէ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի անունին թեր կեցուածքներ արտայայտուած էին), ամսագրի խմբագրութիւնը որոշեց աշխարհի «անանուն ցուցարար»ին տրամադրել վերջին թիւի կողքը:

Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագրին ջանքերով, համալսարանին հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է արդի հայկական բանաստեղծութեան նուիրուած հատոր մը՝ անգլիախօս ընթերցողներոն համար:

ԼԻԲԱՆԱՆ.- Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ դեսպանատունը 103.500 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24ին տեղի ունեցած «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքին  ընթացքին, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը 26,775 տոլար նուիրեց Արցախի եւ Հայաստանի ջուրի ենթակառոյցը հաստատելու

ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոպական Միութեան գործունէութեան  ձեւաչափը խիստ կարգապահ կեցուածքի եւ փոփոխութիւններու ենթարկելու առաջարկներուն դէմ դասուեցաւ Մեծն Բրիտանիա, որ մերժեց համաձայնիլ առաջադրուող համակարգին: