Պոլսոյ Պեշիկթաշի ծանր յանցագործութիւններու դատարանէն ներս անցնող շաբաթավերջին իրագործուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 23-րդ դատական նիստը: Ամբողջ օրը ելոյթներ ունեցան Տինքի ընտանիքի շահերը ներկայացնող փաստաբանները։

Նորին Վսեմութիւն Նիքոլա Սարքոզի Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Փարիզ

Սիրելի՜ պրն. նախագահ,
Որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կ'ողջունեմ Ֆրանսայի Խորհրդարանին առած վերջին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող:

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի մը ընթացքին, տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն մը՝ ի նպաստ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Արցախի ծրագիրներուն: Սոյն ճաշկերոյթի ընթացքին ռուսահայ գործարարներու կողմէ եղած նուիրատուութիւններով հանգանակուած է 18 միլիոն տոլար:

Լրագրողներու համար ամէնէն վտանգաւոր երկիրը՝ Մեքսիքոն

ԺԸՆԵՒ.- Press Emblem Campagne անունով ոչ կառավարական կազմակերպութեան տարեկան զեկուցումը հրապարակուած է, ուր անդրադարձ կայ 2011ին ընթացքին աշխարհի տարածքին սպաննուած լրագրողներու մասին: Ինչպէս յայտնի կը դառնայ զեկուցումէն, աշխարհի 39 երկիրներու մէջ 106 լրագրող իր  կեանքը կորսնցուցած է:

Մոսկուայի մէջ երէկ համախմբուեցան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները։ Նեղ կազմով հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը։