Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2011-ը պատմական եւ իւրայատուկ օր մըն էր «Ազդակ»-ի պատմութեան մէջ եւ անոր ճամբով լիբանանահայ ու սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Արդարեւ, «Եռագոյն ֆոնտ»-ի նուիրատուութեամբ «Ազդակ»-ի  տպարանի վերանորոգութիւնն ու գունաւոր էջերով հրատարակուելու կարելիութեամբ օժտուելու երեւոյթը միայն «Ազդակ»-ի նեղ շրջանակին մէջ չի մնար, այլ թերթը իր նոր տեսքով կը հասնի իր բոլոր ընթերցողներուն:

Այս իւրայատուկ օրը ըստ արժանւոյն նշելու նպատակով «Ազդակ»-ի տպարան հրաւիրուած էին ազգային, կուսակցական, յարանուանական եւ մամլոյ գործիչ հրաւիրեալներ, որոնց ողջունեց Նարէ Գալեմքերեան՝ շեշտելով լուսարձակի տակ չերեւցող, սակայն տքնաջան ու սեւ աշխատանքով թերթը լոյսին բերող այդ վայրին եւ հոն աշխատողներու տարած ճիգին կարեւորութիւնը: Անոր համաձայն, տպարանի վերանորոգումով «Ազդակ» կ՛ապացուցէ, որ հակառակ տպագիր թերթին սպառնացող բազմաթիւ դժուարութիւններուն, ինք որոշած է վճռական տրամադրուիլ եւ շարունակել յաղթական երթը, սփիւռքահայ մամուլին իր յառաջատար հանգամանքով վարակել նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին վար դնել զէնքը:
Ապա ներկաները դիտեցին «Ազդակ»-ի տպարանի կազմութեան եւ տարբեր հանգրուաններու հոլովոյթը ներկայացնող տեսաերիզ մը:
Անկէ ետք խօսք առաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ վերանորոգուած տպարանի բացումը նկատեց շրջադարձային եւ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ կու գայ փաստելու, թէ հակառակ դասական մամուլի եւ մասնակիօրէն տպագիր մամուլի ճակատագիրին սպառնացող վտանգներուն, «Ազդակ» վճռակամ է շարունակելու նախկիններէն հասած առաքելութիւնը: Անոր համաձայն, հակառակ բարդ կացութիւններուն, տարբեր տեսակի խոչընդոտներուն ու մարտահրաւէրներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքը պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իրեն ձգուած ժառանգութեան:
Այս առիթով Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ այս երթի ջահակիրներուն կողքին կանգնած ու գործին հաւատացող փաղանգին կարեւորութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ եւ կ՛ըլլայ նիւթաբարոյական աջակցութիւն ապահովել եւ նորանոր ծրագիրներ իրագործել:
Անդրադառնալով «Եռագոյն ֆոնտ»-ի կատարած նուիրատուութեան՝ Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ նման նախաձեռնութիւններ կը պարտաւորեցնեն «Ազդակ»-ի ընտանիքը վերանորոգ նուիրուածութեամբ փարելու գործին եւ նոր նուաճումներ ապահովելու:
Ապա խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր 85-ամեակի սեմին կանգնած օրաթերթին համար այս քայլը նկատեց նուաճում մը: Պատմութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի ապրած վերելքին անդրադառնալէ ետք, Յ. Բագրատունի խօսեցաւ ընթերցողներուն եւ «Ազդակ»-ի միջեւ առկայ կապին մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ թերթը իր ձեռքին ունեցողը չի մտածեր, թէ ի՛նչ հանգրուաններէ անցնելով անիկա կազմուած եւ լոյս աշխարհ եկած է: «Ազդակ»-ի մէջ ունեցած իր փորձառութենէն մեկնած երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ թէեւ այսօր արհեստագիտութիւնը իր մեծ դերակատարութիւնը ունի գործընթացի փոփոխութեան առումով, բայց եւ այնպէս պէտք է երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց հոգին, միտքն ու սիրտը, տեսողութիւնն ու առողջութիւնը տուին «Ազդակ»-ին, իսկ ուրիշներ իրենց նիւթական մասնակցութիւնը միացուցին տարուած ու տարուող հսկայ ճիգին:

«Ազդակ»-ի գունաւոր տպագրական սարքէն
«Ազդակ»-ի գունաւոր առաջին թիւը

Անկէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի անունով խօսք առաւ Լեւոն Մկրտչեան, որ այս առիթով շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը՝ լուսարձակի տակ առնելով թերթին ունեցած համահայկական նշանակութիւնը: Իր խօսքը եզրափակելով՝ Լեւոն Մկրտչեան շեշտեց, որ մամուլը շատ կարեւոր է համայն աշխարհին մէջ, սակայն իւրայատուկ կարեւորութիւն կը զգենու հայութեան համար՝ իբրեւ գիտակից եւ գաղափարական սերունդներ պատրաստելու քուրայ:
Ապա «Եռագոյն ֆոնտ»-ին խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Սիսլեան, որ տպարանի բացումը նաեւ առիթ նկատեց մեր ուշադրութիւնը սեւեռելու ազգային կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն եւ անոնց արդիւնաւէտ գործունէութեան: Ապա ան անդրադարձաւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ կը գործէ՝ յատկապէս շեշտելով, որ ֆոնտին համար շատ կարեւոր է սատարել հաւաքական աշխատանքի մտածելակերպին ու գործելակերպին, հաւաքական ճիգին, հայկական դիմագիծի պահպանման եւ նիւթականէն անդին անցնելով՝ իրականացած ծրագիրը անհատներու օգտակարութեան ծառայեցնելու:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ըսելով՝ որ 85-ամեակի սեմին կանգնած օրաթերթին ունեցած ներդրումը՝ հայապահպանման եւ կազմակերպական իմաստով, շատ յուսադրիչ է, մանաւանդ որ թերթը երբեք չէ յոգնած, այլ հետզհետէ ծաղկած է ու կը շարունակէ ծաղկիլ:
Բոլոր խօսք առնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Եռագոյն ֆոնտ»-ին ու անոր հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին, որուն նուիրատուութեամբ իրականացաւ «Ազդակ»-ի տպարանի հիմնական վերանորոգումը:
Աւարտին «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան շնորհակալական յուշանուէր մը յանձնեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին:
Ապա ներկաները ապրեցան իւրայատուկ պահ մը, երբ 1970 թուականին «Ազդակ»-ի 4 էջերը 8-ի բարձրացնելու առիթով կայացած աւանդութիւնը կրկնուեցաւ եւ հրաւիրեալներուն ներկայութեամբ «Ազդակ»-ի գունաւոր տպագրական սարքէն «Ազդակ»-ի գունաւոր առաջին թիւը՝ թարմ ու «հոտաւէտ», լոյս աշխարհ եկաւ:

 

ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

4 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2011

Մեր այսօրուան թիւը «Ազդակ»-ի 84-ամեայ պատմութեան մէջ շրջադարձային է, ինչպէս որ շրջադարձային նշանակութիւն ունէին «Փիւնիկ»-էն «Նոր Փիւնիկ» եւ ապա «Ազդակ» անցումները, եռօրեայէն երկօրեայ եւ ապա օրաթերթ մամուլի նուաճումները կամ չորսէն ութ ապա տասը էջերու յաւելումները: Այսօր «Ազդակ» հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ, իր տպարանը հիմնովին վերանորոգած, իր ընթերցողին ներկայանալու նոր տեսքով:
«Ազդակ»-ի խմբագրատան վերակառուցումէն, «Փիւնիկ» սրահի շինութենէն եւ կայքէջը ամէնէն արդիական համակարգով օժտելէն ետք, «Ազդակ» այսօր հիմնովին կը վերանորոգէ իր տպարանը՝ մամուլի ժամանակակից տպագրական արհեստագիտութեան ընդառաջ կարեւոր քայլ մը ապահոված ըլլալու գոհունակութեամբ:
Դասական մամուլի եւ աւելի մասնակիօրէն տպագիր մամուլի ճակատագիրը լրջօրէն վտանգուած է ներկայ բաց համակարգի եւ համացանցային ընդհանուր դրութեան մէջ ելեկտրոնային մամուլի արագընթաց զարգացումին դիմաց: Գաղտնիք չէ, որ համաշխարհային տարողութեամբ ամէնէն մեծ թերթերն անգամ կը դիմեն արտակարգ միջոցներու՝ վերապրելու կամ գոյութիւն շարունակելու համար: Անոնցմէ շատեր փակման սեմին են, ուրիշներ արդէն ընդմիշտ հրաժեշտ տուած են իրենց ընթերցողներուն:
Պարզ է, որ ելեկտրոնայինը կ՛ընթանայ սրընթաց, մինչ տպագիրը նոյն սրընթացութեամբ կը նահանջէ: Ամէնէն դիւրինը այս բոլորին մէջ՝ ճակատը լքելն է, արդարանալով, որ ա՛յս է ներկայ ժամանակներուն պատրադրած իրականութիւնը եւ, առ այդ, պէտք է դադրեցնել տպագիր տարբերակը:
Այդպէս չէ եղած սակայն Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին եւ իրերայաջորդ մարմիններուն մօտեցումը՝ ի տես այդ օրերու իրականութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն: Եւ եթէ «Ազդակ»-ի հիմնադիր սերունդը, տարիներու վրայ կեանք ու շունչ սպառած տնօրէնները, խմբագրիրներն ու  յաջորդական աշխատակազմերը անկարելին դարձուցած են կարելի եւ թերթը անխափան հրատարակած եւ հասցուցած են լիբանանահայ ընթերցողին, մենք բարոյական պարտաւորութեան տակ ենք ճակատը չլքելու եւ պատուով դուրս գալու մեզի հարկադրուած այսօրուան պայքարէն:
Խոստովանինք, որ բարդ են պայմանները: Տնտեսական տագնապը, սղաճը, ելքերու արագակշռոյթ բազմապատկումներն  ու եկամուտներու լաւագոյն պարագային կայունացուածութիւնը թուաբանական տրամաբանութեամբ փայլուն հեռանկար չեն պարզեր մեր առջեւ: Սակայն թուաբանութիւնը չէ մեր շարժիչ գործօնը: Այստեղ ուրիշ արժեհամակարգ մը մեզ բոլորս‘ իբրեւ տնօրէնութիւն, խմբագրակազմ, քարտուղարութիւն, վարչական բաժանմունքներ, ծանուցումի աշխատակիցներ, գրաշարներ, սրբագրիչներ, էջադրողներ, տպագրողներ, ցրուիչներ, տնտեսներ եւ ընթացիկ գործերու պաշտօնեաներ- կը դնեն «Ազդակ»-ը կերտողներու թողած ժառանգութիւնը հարստացնելու բարոյական պարտաւորութեան տակ: Այս հսկայ ժառանգութիւնը, որ մեզի հասած է մեր նախորդներէն, պահելու, գուրգուրալու անոր վրայ եւ մանաւանդ անոր գաղափարախօսական առանցքին վրայ յենած՝ նոր զարգացումը ապահովելու:
Մեր հաւաքական նուիրուածութիւնը ի կատար չէր ածուեր, եթէ մեր կողքին չունենայինք այս գործին հաւատացող,հայ մամուլի ներկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու մեր պայքարին մէջ մեզի միջոցներ տրամադրող, մեր սեփական խմբագրատան, մեր սեփական սրահին եւ այժմ մեր սեփական վերանորոգուած տպարանին առաջադրանքները իրականացնող հիմնադրամներ, նուիրատուներ, ֆոնտեր, որոնք, ինչպէս միշտ, այս երազի իրագործման համար եւս յայտնուեցան մեր կողքին:
«Ազդակ»-ի տպարանը հիմնովին վերանորոգուեցաւ եւ նոր սարքերով օժտուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ին եւ անոր հիմնադիր մեր գաղութին ազգային, մշակութային եւ մամուլի առաքելութիւններուն սատար հանդիսացող այս գաղութի զաւակ Երջօ Սամուէլեանին, որ անվերապահ եւ անսակարկ ընդառաջեց մեր դիմումին եւ աջակցեցաւ մեր ծրագրին: «Ազդակ»-ի աւանդութիւնը փաստօրէն կը շարունակուի: Նուիրուածութեամբ յատկանշուող հաւաքական աշխատանք: Եւ‘ այդ հաւաքական աշխատանքին սատար հանդիսացող հիմնադրամներ եւ նուիրատուներ: Այս շրջադարձը կը պարտաւորեցնէ մեզ բոլորս վերանորոգ նուիրուածութեամբ փարելու գործին եւ նոր նուաճումներ ապահովելու «Ազդակ»-ին:


«Ազդակ»ի խմբագրական