Ինչպէս հաղորդած էինք անցեալ Ուրբաթ օրուան մեր թիւով, Ատրպէյճանի սահմանամերձ Տաղստան շրջանին մօտ դիտարկուած է ռուսական ստուար զօրքի կուտակում: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ հոն զետեղուող զօրքը կը բաղկանայ 25 հազար զինուորներէ, ծանր հրետանիներու 300 միաւորներէ՝ հրասայլերէ եւ հրթիռային համակարգերէ:


Այս կարեւոր զօրաշարժը քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ զանազան ձեւերով մեկնաբանուած է: Ըստ լուրը հաղորդող argument.ru-ի՝ Տաղստանի բնակիչները, որոնք հարազատներ ունին Ատրպէյճանի մէջ, կը  պնդեն, թէ այս տարուան ամրան Պաքու կրնայ պատերազմը վերսկսիլ Արցախի դէմ, եւ կատարուածը Ռուսաստանի կողմէ առնուած նախազգուշական քայլ է:
Հաղորդուած նոր տեղեկութիւններու վրայ սակայն, նշենք, որ Տաղստանի ինքնավար հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վեաչեսլաւ Մահմուտով հաստատած է, որ ռուսական զօրքին զետեղումը ժամանակաւոր է եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջածիրին մէջ կատարուած գործողութիւն է:
Միւս կողմէ, ամերիկեան բանակի նախկին պատասխանատու, ռազմական փորձագէտ Ճենիֆըր Տայըրի կարծիքով ալ՝ Ռուսաստանի այս քայլը կրնայ հետա-պնդել երկու նպատակ: Կամ կրնայ միտիլ Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելու՝ Ատրպէյճանի մէջ զետեղուած ռուսական զինուորական դիտարանի հարցին կապակցութեամբ, քանի ազերիները կÿուզեն Կապալայի կայանին տարեկան վարձքը 7 միլիոն տոլարէն բարձրացնել 300 միլիոն տոլարի: Ամերիկացի փորձագէտին երկրորդ վարկածն ալ այն է, որ Մոսկուա այս քայլին կը դիմէ որպէս նախազգուշութիւն իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը դէմ՝ ընդդէմ Իրանի հիւլէական ծրագրի կէտերուն:

Իրանի սահմանին մօտ օդակայա՞ն

Մարտ 31ին, թրքական եւ միջազգային մամուլին կողմէ կÿարծարծուէր Ատրպէյճանի մէջ իսրայէլեան խարիսխի մը հաստատման մասին լուր մը: Կÿըսուէր, թէ խնդրոյ առարկան՝ Իրանի սահմանին մօտ օդակայան մըն է: Շատերու կարծիքով՝ այս զարգացումը պէտք է դիտել իրանեան հիւլէական ծրագրին դէմ Իսրայէլի կողմէ նախապատրաստուող յարձակման մը հաւանականութեան ենթախորքին վրայ: Թէեւ Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան հերքած էին լուրը, սակայն ԱՄՆ-ի մէջ շատ լուրջի առնուած էր:
Եթէ իրողութիւնը հաստատուի, կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ թէ՛ Անգարա-Պաքու եւ թէ՛ մանաւանդ Թեհրան - Թէլ-Ավիվ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:
Հակառակ պատկան կողմերու հերքումներուն, շատ հաւանական կը նկատուէր տարածուած այս տեղեկութիւնը, նկատի ունենալով որ քանի մը ամիս առաջ Պաքու Իսրայէլէն աւելի քան 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինամթերք գնած էր: Այս կարգադրութիւնը կրնայ հոյակապ միջոց ծառայած ըլլալ ազերիներուն, հատուցանելու համար նշեալ գումարը, կամ գոնէ անոր մէկ մասը: