Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան հաստատեցին, որ համացանցի վրայ շրջագայող լուսանկարի երիտասարդը հայ չէ 

Հինգշաբթի  9 Յուն- ւար 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով:

Հրասանդի Հրթիռի Պայթումի Պատճառով Քանդուած Է Շէնքի Մը Տանիքին Մէկ Մասը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէի մայր փողոցին վրայ գտնուող շէնքի մը վրայ հրասանդի հրթիռ մը ինկած է: Հրասանդի հրթիռի պայթումին պատճառով քանդուած էր շէնքի տանիքէն մաս մը:

APA լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «մուճահիտներու պատկանող երկու կայքէջեր» կը հաղորդէ, որ անցնող օրերու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերու ընթացքին սպաննուած են երկու ատրպէյճանցի զինեալներ։

Փետրուար 5-23-ը Սոչիի մէջ տեղի կÿունենան ձմեռնային Ողիմպիական մարզախաղերը, իսկ Մարտ 7-16-ը՝ Փարաողիմպիական խաղերը։ Սոչիի մէջ արդէն ուժի մէջ մտած է անվտանգութեան ապահովման աննախադէպ մթնոլորտ։