Հրասանդի Հրթիռի Պայթումի Պատճառով Քանդուած Է Շէնքի Մը Տանիքին Մէկ Մասը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէի մայր փողոցին վրայ գտնուող շէնքի մը վրայ հրասանդի հրթիռ մը ինկած է: Հրասանդի հրթիռի պայթումին պատճառով քանդուած էր շէնքի տանիքէն մաս մը:

«Կիւլպէնկեան» Վարժարանէն Ջրամատակարարում

Վերջին երեք օրերուն շարունակ Հալէպի մէջ առկայ էր ջուրի եւ ելեկտրականութեան լուրջ խնդիր:
Վերոնշեալ մեկնակէտէն, Սիւլէյմանիէ շրջանի բնակիչներուն համար Ազգային «Կիւլպէնկեան» վարժարանէն ջուրի մատակարարում տեղի կ՛ունենայ:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը կարելին կÿընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու, կը յայտնէ «Բերիոյ նիուզ»: