Վրաստանի Հ.Օ.Մ.ի անդամները Ամանորի ծրագրի ծիրէն ներս այցելեցին Նինոծմինդայի շրջանային հիւանդանոցի ծննդատունը, ուր շնորհաւորեցին նորածիններու մայրերը Ամանորի առիթով:

Այս գրութեան համար առիթ ընծայեց Յունաստանի օդանաւային փոխադրումներու մարզէն ներս նոր մուտք գործող «Ռայանէր» ընկերութեան քայլը, որ յայտարարեց թէ Ապրիլէն թռիչքներ կը սկսի կատարել Աթէնքէն դէպի վեց տարբեր քաղաքներ (Ռոտոս, Խանիա, Թեսաղոնիկէ, Լոնտոն, Փաֆոս եւ Միլանօ):

Հազարաւոր ցուցարարներու եւ ոստիկանական ուժերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան երէկ Կիրակի օր Քիէվի մէջ: Երկրի ղեկավարութիւնը յանկարծակիօրէն որոշած է օրէնք մը վաւերացնել, արգիլելու համար երկու ամիսներէ ի վեր շարունակուող քաղաքայիններու ցոյցերը:

Երէկ առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած Ժընեւ 2 ժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար:

Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսէնի հետ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակ զուարճալի դէպք մը տեղի ունեցաւ, երբ Ռասմուսէն մոռցաւ ողջունել Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամեդեարովին։ Այս մասին հաղորդած է BBC-ն։