Հինգշաբթի 9 Յուն- ւար 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով:
Առաջին հերթին Վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Էմիր Հարէս Շէհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Էմիր Շէհապ Մարոնիթ պատրիարքին կողմէ ղրկուած էր Վեհափառ ին մօտ խորհրդակցելու համար քրիստոնեայ- իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու ծրագրին շուրջ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նման հանդիպման մը կայացումը, շեշտելով որ հեռու պէտք է պահել զայն քաղաքական հարցերէ ինչպէս նաեւ իսլամական հակասութիւններէ:
Ապա Վեհափառ հայրապետը ընդունեց շիի եւ սիւննի համախմբումին մաս կազմող վեց բարձրաստիճան հո- գեւորականներ: Անոնք եկած էին՝ առաջին, Վեհափառին պարզելու ընդհանրապէս շրջանէն ներս տիրող կացութիւնը ու մասնաւորաբար շիի-Սիւննի հակասութիւններու ժըխտական անդրադարձը, ինչպէս նաեւ վեհափառին հետ խորհրդակցելու կարգ մը նախաձեռնութիւններու մասին, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ միջին արեւելեան մակարդակներու վրայ: