Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Չան Վանցիւանը  ստորագրած են Չինաստանի կողմէ Հայաստանին անհատոյց տրամադրուող տարեկան ռազմական օգնութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը՝ 5 միլիոն չինական եուանի չափով (800,000 տոլար):

Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Չինաստանի կեդրոնական ռազմական խորհուրդի նախագահի տեղակալ զօր. Սույ Ցիլեանի եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Չան Վանցիւանի հետ:
Բանակցութիւններուն  ընթացքին քննարկուած են հայ-չինական պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները: Յատկապէս քննարկուած են նաեւ ռազմական, կրթութեան, բժշկութեան, մարտական  պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ ռազմական սարքաւորումներու առընչութեամբ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: