Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Չան Վանցիւանը  ստորագրած են Չինաստանի կողմէ Հայաստանին անհատոյց տրամադրուող տարեկան ռազմական օգնութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը՝ 5 միլիոն չինական եուանի չափով (800,000 տոլար):

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ս. Ծննդեան տօնը Երկուշաբթի, Յունուար 6ին դարձեալ աւանդական շուքով նշուեցաւ Պոլսոյ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք բերնէ բերան լեցուեցան հաւատացեալ ժողովուրդով։

«Փանարմինիան» կայքէջը կը հաղորդէ գաղթականներու ամերիկեան ինսթիթութի մը հրապարակած տուեալներու մասին, որոնց հիմամբ յանգած են այն եզրակացութեան թէ 2050 թուականին Եւրոպայի իւրաքանչիւր հինգերորդ բնակիչը մահմետական պիտի ըլլայ:

Եռաչափ ձեւաւորումով զբաղող «Լոկատոր» ընկերութիւնը եռաչափ ձեւաւորած (3D) եւ Google Earth համակարգին մէջ ներբեռնած է Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքները՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով իրական (virtual) ձեւով ճանապարհորդութիւն իրականացել Արցախի պատմական քաղաքներով, կը հաղորդէ civilnet.am-ը՝ վկայակոչլով «Լոկատոր» ընկերութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:

Երկար նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց բանաստեղծական երեկոյ մը, կազմակերպութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմական Խորհուրդի եւ «Համազգային»ի, հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեճեանի եւ նախագահութեամբ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի։