«Արմինիըն Ռիվիու» թերթի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1948-էն լոյս տեսնող եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց նուիրուած այս հրատարակութեան բոլոր թիւերը թուայնացնելու ծրագիրին համար, Փորթուկալի «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը որոշած է 12,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել:

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներու Հայ վեթերաններու միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 10ին, տեղի ունեցաւ Արցախի ազատամարտը փաստագրած բեմադրիչ Ցվետանա Փասքալեւայի մեծարման հանդիսաւոր երեկոն, Կլենտէյլի երիտասարդական կեդրոնին մէջ:

«Գանձասար» շաբաթաթերթը նոր խմբագիր ունեցաւ: Երկար տարիներու խմբագիր Խաչիկ Շահինեանին փոխարինեց Զարմիկ Պօղիկեան։

Կը շնորհաւորենք նոր խմբագիրը, ուժ եւ կորով կը մաղթենք մեր աշխատակիցներու խումբին:

Սուրիոյ մէջ առաջին հակակառավարական ցոյցերէն աւելի քան 1000 օր անց, այսօր ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ մը, ուր կան 9,3 միլիոն կարիքաւոր մարդիկ, որոնց կէսը երեխաներ են:

AK-47 տեսակի ինքնաձիգ հրացաններով զինուած են մոլորակի աւելի քան 50 պետութիւններու բանակներ։ Բացի այդ, «քալաշնիքովը» բոլոր ցամաքամասերուն մէջ գործող տարատեսակ ապստամբ խումբերու, փարթիզանական կամ աւազակային ջոկատներու սիրուած զէնքն է։ Այն նոյնիսկ պատկերուած է որոշ երկիրներու պետական զինանշաններուն վրայ։