«Փանարմինիան» կայքէջը կը հաղորդէ գաղթականներու ամերիկեան ինսթիթութի մը հրապարակած տուեալներու մասին, որոնց հիմամբ յանգած են այն եզրակացութեան թէ 2050 թուականին Եւրոպայի իւրաքանչիւր հինգերորդ բնակիչը մահմետական պիտի ըլլայ:

Այսօր մուսուլմաններու թիւը եւրոպական երկիրներուն մէջ կը կազմէ մօտ 5% տոկոսը: Սակայն 2050 թուականին այդ թիւը աճած պիտի ըլլայ եւ տոկոսային համեմատութիւնը 20%ի հասած պիտի ըլլայ:
Մեծն Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Հոլլանտայի մէջ այս թիւը շատ աւելի բարձր տոկոսներու պիտի հասնի: Պատճառը՝ Եւրոպական Միութեան երկիրներու քաղաքացիներուն մօտ ծնելիութեան ցած չափանիշներն են, միաժամանակ իսլամական երկիրներէ գաղթածներու ընտանիքներուն մէջ ծնելիութեան բարձր աստիճանի համեմատութեամբ:
Բացի այս տուեալէն սակայն, վերջին հաշուարկներուն  համաձայն, ամեն տարի մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով՝ Եւրոմիութեան երկիրները կը հասնին մինչեւ 2 միլիոն գաղթականներ, որոնց մեծ մասը մուսուլմաններ են:
Հետզհետէ ծաւալող այս երեւոյթը մասնագէտները  «ժողովրդագրական ժամանակային ռումբ» կ'որակեն, կը գրէ բրիտանական The Daily Mail թերթը: