Փետրուար 5-23-ը Սոչիի մէջ տեղի կÿունենան ձմեռնային Ողիմպիական մարզախաղերը, իսկ Մարտ 7-16-ը՝ Փարաողիմպիական խաղերը։ Սոչիի մէջ արդէն ուժի մէջ մտած է անվտանգութեան ապահովման աննախադէպ մթնոլորտ։
ԻՏԱՌ-ՏԱՍՍ լրատուական գործակալութեան համաձայն, այսօրուընէ մարտական հերթապահութեան անցած են արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ջոկատները, որոնք պէտք է ապահովեն Ողիմպիատայի մասնակիցներու եւ հիւրերու անվտանգութիւնը։
Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագրով Սոչիի իշխանութիւնները այսօրուընէ սկսեալ կրնան կարգաւորել Ողիմպիատայի հետ առնչութիւն չունեցող հանրային բոլոր միջոցառումները։ Հրամանագրով արգիլուած են հաւաքները, ցոյցերը, երթերը: Փաստօրէն, Սոչիի մէջ ստեղծուած է արգիլեալ գօտի մը, որը կարելի է այցելել միայն ծառայողական կամ արտադրական անհրաժեշտութեան պարագային։ Ստեղծուած են նաեւ հսկողութեան ընդարձակ այլ գօտիներ, ուր կարելի է մուտք գործել ոստիկանական քննութենէ յետոյ։
Անվտանգութեան այս աննախադէպ միջոցներու անհրաժեշտութիւնը կը բացատրուի՝ ահաբեկչական հաւանական յարձակումներ կասե- ցընելու նպատակով, մանաւանդ Ռուսաստանի մէջ վերջերս պատահած ահաբեկչական արարքներու լոյսին տակ: