APA լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «մուճահիտներու պատկանող երկու կայքէջեր» կը հաղորդէ, որ անցնող օրերու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերու ընթացքին սպաննուած են երկու ատրպէյճանցի զինեալներ։

Սպաննուած ատրպէյճանցիներն են «Ալ-Քայիտա»-ի հետ կապեր ունեցող «Ալ-Նուսրա» զինեալ խմբաւորման անդամ Նամիգ Ասկերովը և Սոլթան Ազերի Սեյֆուլան։ Ժիհատական կայքէջեր տարածած են նաեւ սպաննուածներուն լուսանկարները։
APA-ն կը նշէ, որ Սուրիոյ մարտերուն կը մասնակցին հարիւրաւոր ազերի  զինեալներ։