Ուրուկուայի խորհրդարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ ՄԵՐԳՕՍՈՒՐ խորհրդարանի նախագահ, Հայ Դատի պաշտպան եւ զօրակից Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմօ, նամակ մը ստացաւ Արժանթինի եւ Ուրուկուայի պետութիւններու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թանէր Գարագաասէն,

Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի աւելցնելու Ատրպէյճանէն գնուող կազի ծաւալները: 2014-2020-ի ընթացքին կասպիական կազի մատակարարումը եւրոպական երկիրներ հասցնելու համար պիտի կառուցուին խողովակաշարեր:

Անցնող օրերուն Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջ-կրoնական համագումարը իր աշխատանքներու աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը:

Պէյրութի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւն: Արարողութենէն ետք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան լրիւ կազմի ներկայութեամբ, Մարտ 2014-ին՝ Պոսթընի մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը ՀՕՄ-ի վերանորոգուած Կեդրոնական գրասենեակին: