Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ճեն Փսաքի արտայայտուած է Հայաստանի հասցէին Ատրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած սպառնալիքներուն մասին:

Հալէպի Լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ թէ անցնող երկու օրերուն ընթացքին ահազանգային վիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ: Կիրակի 1 Յունիսին, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամերը, Հալէպի տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, հրթիռներու եւ կազէ շիշերէ պատրաստուած հրասանդներու տեղացումը շարունակուեցաւ:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրը նշուեցաւ Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնին մէջ

Մայիս 28-ը համայն հայութեան համար յաղթանակ ու անկախութիւն խորհրդանշող օր է: Այդ օրը Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջոցառում՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան:

Ալ Մայատին հեռատեսիլի հաղորդումով, Մայիս 30-ին, սուրիական բանակը յառաջացած է Քեսապի ճակատային գիծին վրայ։ Բանակը չէզոքացուցած է դէպի Քեսապ ահաբեկիչ զինեալներու Ժապալ Նուսրի մատակարարման ճանապարհը։ 

Ըստ նոյն աղբիւրին, Քեսապի մօտակայ թիւ 724 բարձունքը արդէն բանակի հսկողութեան տակ է։
Ալ Մայատին կը յայտնէ, որ թէժ մարտերու ընթացքին սպաննուած զինեալներն ու վիրաւորները կը փոխադրուին Թուրքիա։

Հայրենիքի 115-ամեակ

Հայրենիքի 115-ամեակի ձեռնարկներուն գծով, Շաբաթ, Մայիս 17-ին, հովերու քաղաքին՝ Շիքակոյի մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակելի ձեռնարկ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայրենիք շաբաթաթերթը: