Հալէպի լրատուական գրասենեակէն կը յայտնեն թէ 15 Մայիս 2014ին, Սըրեան Ալ Ճատիտի մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով զոհուեցաւ Պերճ Գարակէօզեանը:

Տրապիզոնի հիմնումը եւ անունը

Ըստ յոյն պատմագիր Եւսէփիոսի, Տրապիզոն քաղաքը հիմնուած էր Քրիստոսէ առաջ 756 թուականին: Ան երեք տարիով մեծ էր Հռոմէն եւ շուրջ հարիւր տարիով Կ.Պոլսէն:

Թրքական տարածքներէ հայկական Քեսապ գիւղին վրայ յարձակումին իբրեւ հետեւանք Թուրքիա տարուած 18 քեսապահայեր, այս առաւօտ կանուխ ժամերուն հասան Լիբանան:

Kavkasia.net կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 13 Մայիսին Երեւանէն Թիֆլիս այցելելով, յայտարարած է, որ Վրաստան կը մասնակցի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն դուրս գալու փորձերուն:

Հալէպի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ թէ 13 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի եւ Ազիզէի մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով վիրաւորուած է քսանհինգամեայ Անդուան Դանիէլեանը: Վիրաւորը փոխադրուած է հիւանդանոց: