Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի աւելցնելու Ատրպէյճանէն գնուող կազի ծաւալները: 2014-2020-ի ընթացքին կասպիական կազի մատակարարումը եւրոպական երկիրներ հասցնելու համար պիտի կառուցուին խողովակաշարեր:

Vedomosti.ru՝ վկայակոչելով Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը, կը նշէ, որ Ատրպէյճանէն սկիզբ առնող «Հարաւային միջանցք» կազատարի երկարացման վրայ Եւրոպան պիտի ծախսէ շուրջ 6 միլիառ եւրօ:
Այս նպատակով ձեւաւորուած է յատուկ հիմնադրամ՝ 5.8 միլիառ եւրոյի չափով: Կը նշուի, որ այս գումարներուն շնորհիւ Եւրոպական Միութիւնը ոչ միայն պիտի կարենայ աւելցնել Ատրպէյճանէն ստացուող կազի ծաւալները, այլեւ արտածումի պիտի սկսի նաեւ Թուրքմենիստանէն ու Իրանէն: Վերջինիս պարագային ատիկա կարելի պիտի ըլլայ այն պարագային, եթէ միջազգային պատժամիջոցները վերցուին:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ ատրպէյճանական կազը Եւրոպայի մէջ պիտի դառնայ ռուսական կազի այլընտրանք, ուստի այժմ շատ բան կախեալ է Ռուսիայէն: