Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ 1963-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով՝ Հին Նիկոսիոյ հին հայկական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուած է պատարագ ներկայութեամբ այլ համայնքներու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներու:

Պատարագիչն էր Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան:

Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ հայկական եկեղեցւոյ յանձնախումբի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան այս առիթով խօսքեր արտասանեցին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1915-1923-ին Հայոց ցեղասպանութենէն փախուստ տուած հազարաւորներու համար իբրեւ ապաստանարան ծառայած էր:
Եկեղեցական համալիրը, որ շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, 2008-2013-ին վերանորոգուեցաւ ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեան եւ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան գործակալութեան ֆինանսաւորումով՝ Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Քէօնիկի նախաձեռնութենէն ետք: