Երկուշաբթի 5 Մայիս 2014-ի առաւօտուն, Պահրէյնի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆայի կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին։

Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան, աքսորի մէջ ապրող, թուրք մտաւորական եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն մի քանի օրուայ համար գտնուեցաւ Մօնթէվիտէօ, ուր մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարուայ ոգեկոչման ձեռնարկներուն, յարգանքի տուրք մատուցելով մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգւոյն։

Երէկ եւ այսօր Հալէպի հայկական կարգ մը շրջաններ, կրկին թիրախ դարձան հրասանդերու, յատկապէս Նոր Գիւղը, Սիւլէմանիէն եւ Վիլլաներու շրջան։

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանգուվըրի հայութիւնը ոգեկոչեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը:

Գարատուրանի ափին վրայ սուրիական բանակի ծովային մասնայատուկ ուժերու գործողութեան մասին կը գրեն Al-mayadeen, Al-Akhbar, Al Hadas արաբական լրատուական կայքերը: