«Մարտիրոսութեան Մէջ Հայ Ժողովուրդի Զաւակները Ունին Իրենց Պատուաւոր Տեղը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին մատնանշեց Թուրքիոյ աջակցութեամբ ծայրայեղական զինեալներու կողմէ աւերումն ու հայաթափումը գերազանցապէս հայերով բնակուած Քեսապին:

Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան Արցախի ճանաչման բանաձեւի ի նպաստ վկայութիւն կու տայ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութիւնը այսու կը ծանուցանէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշարի մեկնարկը։

Արմէն Մկրտչեան araratnews.am-ի վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հայերը Աբխազիոյ մէջ հաստատուած են միջնադարու սկիզբը, իսկ իբրեւ համայնք՝ բաղկացած են համիտեան ջարդերէն ետք եւ Մեծ եղեռնի տարիներուն Աբխազիա գաղթած Տրապիզոնահայերէ:

Հալէպի լրատուական գրասենեակէն կը հաղորդեն թէ 2 Մայիս 2014ին, յետ միջօրէի ժամերը շատ ծանր եղան Հալէպի համար: Հայահոծ Վիլլաներու, Ազիզէի եւ Նոր Գիւղի շրջաններուն մէջ հրասանդներ եւ կազի շիշեր տեղացին, որոնց պատճառած ահն ու սարսափը անտանելի էր: