Պէյրութի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւն: Արարողութենէն ետք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ:

Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով արտասանուած բացման խօսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յատկանիշներուն՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ Շուշիի ազատագրութեան կռիւները:
Օրուան բանախօս Յովիկ Յովհաննէսեան, լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի քաղաքի կարեւորութեան՝ յայտնելով, որ «Շուշիի ազատագրութեան պայծառ առաւօտը միա՛յն պատմութիւնն է, որ ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպիսի՛ օրհասական ճակատամարտ մըն էր հայութեան գոյութեան պատերազմին մէջ: Շուշիի ազատագրումը հիմը դրաւ արցախեան յաղթանակին: Արցախով հայ ժողովուրդը նուաճեց ազգային յաղթանակի ու արժանապատուութեան սուղ արժէքները»:
Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան Յովիկ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ «Մեզի կը մնայ հաւատարիմ մնալ մեր հերոսներու քալած ճանապարհին: Այլապէս իմաստազրկած կ՛ըլլանք, թէ՛ Վիգէնի նահատակութիւնը եւ թէ՛ ալ իր յիշատակը յաւերժացնող այսօրինակ բոլոր արարողութիւնները»: Ձեռնարկի աւարտէն առաջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով կատարուեցաւ յուշանուէրի յանձնում՝ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի մօր: