Դամասկոսի արուարձաններէն՝ արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնա- բերուած է հրասանդ արտադրելու գործարան մը եւ զինեալներու դէմ յառաջխաղացում արձանագրուած է Մլեհայի, Ժոպարի եւ Տումայի մէջ:

Ամէնօրեայ դրութեամբ հրասանդներու տարափը արկածախնդրական կը դարձնէ արդէն մայրաքաղաքի մէջ շարժումը, ուր հրասանդի հըրթիռներու հարուածներ արձանագրուեցան Դամասկոսի զանազան բնակելի թաղամասերու, ինչպէս Քասաա, Սալհիէ, Առնուս եւ մայրաքաղաքի կեդրոնի այլ թաղամասերու դէմ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ, տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ. վիրաւորներուն շարքին են նաեւ դամասկահայ հայր մը եւ անոր զաւակը: