Անցեալ շաբաթավերջին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ տիար Մայք Խարապեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը:

58 երկիրներ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղած են սատարելու բանաձեւի այն նախագիծին, որուն միջոցով կը նախատեսուի Սուրիոյ գործը ներկայացնել Միջազգային քրէական դատարանին եւ նպաստել անոր որդեգրման ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

Lenta.ru կայքը կը գրէ, որ Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած է, որ Եւրոպայի ռուսական կազէն հրաժարելուն պարագային այդ կազը կրնայ ուղարկուիլ Չինաստան:

Եւրոպական Ժողովրդային կուսակցութիւնը կը շարունակէ առաջնակարգ գիծերու վրայ մնալ Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս (28,83% տոկոսով եւ 212 աթոռներով), այսուհանդերձ՝ առաջին անգամ ըլլալով աճ արձանագրած է եւրոպական գաղափարին դէմ կասկածամտութեամբ մօտեցող եւրոերեսփոխաններու թիւը:

Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետներէն Հայր Լեւոն վարդապետ Զէքիեան, Հռոմի Պապի կողմէ ձեռնադրուեցաւ Արքեպիսկոպոս: