Յուլիս 1-ին Ծաղկաձորի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց  Հ.Յ.Դ. 31րդ Ընդհանուր ժողովը:
Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական նիստը գումարուեցաւ 24 Յունիսի 2011թ.-ին, Երեւանի մէջ, այնուհետեւ ժողովը իր աշխատանքները շարունակեց Ծաղկաձոր:

Գեղարքունիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին, Սեւանի հանրային լողափը այցելած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, աշխատանքային քննարկում ունեցաւ Սեւանայ լիճի բնապահպանական հարցերու պատասխանատուներուն հետ:

Յունիս 29ին, աշխատանքային այցելութեամբ Վրաստան մեկնած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ իր գործընկերոջ Կրիկոլ Վաշածէի հետ:
«Մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, անկախութեան վերականգնումէն ի վեր այսքա՛ն աշխոյժ եւ օրինակելի չեն եղած», ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանը՝ ըսաւ Կ. Վաշածէ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը մշակէ տարրական, միջին եւ աւագ դպրոցի արեւմտահայերէնի հիմնական դասագիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին Սփիւռքի հայկական կրթօճախներուն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը։
Սփիւռքի մէջ լեզուամշակութային ուծացման դիմակայելու եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան խնդիրին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծապէս կարեւոր կը համարէ Սփիւռքի կրթական խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը, աջակցութիւնը‘ ամէնէն առաջ ուսումնական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու ստեղծումով:

Երէկ Արցախի մէջ նշուեցաւ հայրենիքի համար նահատակւածներու եւ անյայտ կորածներու յիշատակը: Արցախցիները այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ զետեղեցին  ազատամարտիկներու յուշարձաններուն առջեւ: