«Շատ մօտ ապագային ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքը պիտի շարունակուի»- յայտարարեց Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ  Լաւրով՝ երէկ Մոսկուայի մէջ  կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:


Ան նկատեց, որ Քազանի մէջ  նախագահներու  կատարած յայտարարութիւնները՝ կարեւոր հարցերու շուրջ համաձայնութեան գալու մասին, կը նպաստեն կարգա-ւորման վերջնական  պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու:
Ինչպէս յայտնի է, վաղը Յուլիս 8-ին Լաւրով  կարճատեւ այցով Պաքու կը մեկնի, ուր հանդիպում կÿունենայ Ատրպէյճանի նախագահին հետ: