«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրով, Գէորգի Պետրոսեանը ազատ կացուցուած է ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, իր դիմումին համաձայն:
Ինչպէս տեղեկացուեցաւ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, արտաքին գործերու նախարարի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս վերապահուած են ԼՂՀ արտաքին գործերու տեղակալ Վասիլի Աթաջանեանին:
Նախագահի ստորագրած մէկ այլ հրամանագրով՝ Գէորգի Պետրոսեանը նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդատուի պաշտօնին վրայ: