Մոսկուա պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելու թիւններու տան մէջ  հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Ողջունելով Հայաստանի նախարարի ներկայութիւնը, Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան  ղեկավարը նշած է, որ երկու արտաքին քաղաքական դիւանագիտութեան  ղեկավարներու  հանդիպումները կÿառանձնանան փոխ վստահութեամբ, կառուցողականութեամբ եւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն բնորոշ յատուկ բովանդակութեամբ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Մոսկուա  պաշտօնական այցելութեան հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝  Էդուարդ Նալբանդեանը ըսած է. «Երկու երկրների ղեկավարների միջեւ շփումների պարբերականութիւնը կանխորոշուած է հայ-ռուսաստանեան դաշնակցային գործընկերութեան բնոյթով, որոնք վերջին երեք տարիներին տեղի են ունենում առանձնայատուկ  ինտենսիվութեամբ (աշխուժութեամբ): Դրանով են պայմանաւորուած նաեւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնների ղեկավարների յաճախակի հանդիպումները»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները հանգամանալից զրոյց ունեցան երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգային հարցերի լայն շրջանակի շուրջ, քննարկուեցան նոր պայմանագրային ծրագրի նախապատրաստման աշխատանքները, որոնք կը նախատեսուի ստորագրել բարձր մակարդակով յառաջիկայ հանդիպումներուն  ընթացքին: Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին երկկողմ ռազմա-քաղաքական համագործակցութիւնը, արտաքին քաղաքական համադրումը, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ  փոխ գործակցութիւնը:
Նախարարները քննարկեցին տնտեսական փոխ գործակցութեան առաւել խորացման նպատակով նախատեսուող ծրագրերը, անդրադարձան Դոնի Ռոստովի մէջ  հայ-ռուսաստանեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխա տանքներուն: Գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ անցեալ տարուայ  աշխատանքի արդիւնքներով՝ արդէն գերազանցուած է առեւտրաշրջանառութեան մինչճգնաժամային մակարդակը, եւ  այս տարուայ առաջին ամիսներու տուեալները լաւատեսութիւն կը  ներշնչեն: Էդվարդ Նալբանդեանը եւ Սերկէյ  Լաւրովը, բարձր գնահատելով այս տարւայ Ապրիլին Երեւանի մէջ  կայացած հայ-ռուսաստանեան առաջին միջտարածաշըրջանային ֆորումի արդիւնքները, նշեցին ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան մարդասիրական բնագաւառէն ներս համագործակցութեան զարգացման հարցերուն, պայմանաւորուեցան  այս բնագաւառէն ներս  համապարփակ համաձայնագրի մշակումը առաջիկային  աւարտելու գծով:
Հանդիպման ընթացքին նախարարները մտքեր փոխանակեցին արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման  գործընթացի վերաբերեալ: Այս ծիրէն ներս Է. Նալբանդեանը երախտագիտութիւն յայտնեց բանակցային գործընթացին մէջ  Ռուսիոյ նախագահի կարեւոր ներդրման եւ արտաքին գործոց նախարարի կողմէ ձեռնարկուող  ջանքերուն  համար: Սերկէյ Լաւրովը վերահաստատեց Ռուսաստանի դիրքորոշումը, առ այն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝  այլընտրանք չունի:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գերա- տեսչութիւններու  ղեկավարները քննարկեցին նաեւ  միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր՝ Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ  տեղի ունեցող գործընթացներու եւ զարգացումներու  վերաբերեալ: