ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով, խօսած է իր ունեցած տուեալներու հիմամբ՝ արտագաղթի բարձր ցուցանիշին համար, որ վերջին 3 տարիներուն ընթացքին նկատուած է:


«Հիմնականօրէն այդ պէտք է բացատրել ընկերային-տնտեսական բարդութիւններով: Ես այն կարծիքը ունիմ, որ յատկապէս ռուսական տարածք մեկնած մեր հայրենակիցները ժամանակաւոր աշխատանքային գաղթականներ են, որոնք անպայման կը վերադառնան: Անոնց մեկնումը յաւերժ չէ, այլ աշխատանք փնտռելու համար»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ամէն ջանք կը գոր-ծադրուի աշխուժացնելու համար ներդրումային քաղաքականութիւնը, յատկապէս սփիւռքահայերուն կողմէ: