Վրաստանի կրօնական միաւորումներու հասարակական իրաւունքով իրաւաբանական անձի կարգավիճակ շնորհելու մասին Քաղաքացիական օրէնսգրքը արդէն ուժի մէջ է:
Յուլիս 5-ին Վրաստանի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած ճշդումներով՝ Վրաստանի նախագահի ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ տուեալ օրէնքը:
Վրաստանի նախագահը 10-օրեայ ժամկէտ ունի դրական որոշում կայացնելու կամ վեթօ սահմանելու համար, ինչպէս կը յայտնէ վրացական մամուլը:
Կրօնական միաւորումներուն վերաբերող օրինագիծը Վրաստանի մէջ բոլորի հաւանութեան չէ արժանացած: Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կոչ ուղղած են նախագահ Սահակաշվիլիին՝ մերժել օրինագիծը:
Սուրբ Էջմիածինը կողջունէ Վրաստանի իշխանութիւններու որոշումը
Վրացական օրինագիծը ընդունուեցաւ խորհրդարանին կողմէ, արագացուած կարգով
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կ՛ողջունէ Վրաստանի խորհրդարանին որոշումը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակ տալու վերաբերեալ, եւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նախագահ Սահակաշվիլիին, որ այդ հարցով ընդառաջեց ՀԱԷին:
Ըստ Մայր աթոռի մամլոյ քարտուղար Վահրամ քհնյ. Մելիքեանի, այդ գործընթացին պայմանաւոր- ւածութիւնը ձեռք բերուած էր Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Վրաստան կատարած այցին ընթացքին:
«Այցի շրջանակներում Գարեգին Բ.ն եւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին պայմանաւորուել են փուլ առ փուլ լուծել ՀԱԷ Վրաստանի թեմի եւ հայ համայնքի առջեւ ծառացած խնդիրները: Առաջին փուլում պէտք է լուծուէր Վրաստանում եկեղեցուն կարգավիճակ տալու հարցը: Այդ կապակցութեամբ, Վրաստանի խորհրդարանը մի քանի ընթերցմամբ քուէարկել է օրինագծի օգտին», նկատել տուած է Մելիքեան:
Անդրադառնալով վրաց պատրիարք Իլիա Բ.ի հնչեցուցած գնահատականներուն՝ Մելիքեան յայտնեց, որ ան այցին ընթացքին արտայայտուած էր այդ հարցին քննարկումը յետաձգելու օգտին: Ըստ քահանային, վրացական եկեղեցւոյ անհանգստութիւնը կապուած է ոչ այնքան հայկական եկեղեցւոյ եւ այլ աւանդական կրօններու հետ, որքան աղանդներուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն եւ հոսանքներուն կարգավիճակ տալու հարցին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յաջորդ քայլը հայկական եկեղեցիներու վերադա՞րձն է՝ քահանայ Մելիքեան պատասխանած է. «Յաջորդ քայ-լը ենթադրում է հայկական եկեղեցիների վերադարձը վրացահայ թեմին, որպէսզի թեմը կարողանայ լիարժէք ծառայել հայ ժողովրդին: Տուեալ փուլում՝ խօսքը գնում է վեց եկեղեցիների մասին»:
Ինչպէս որդեգրուեցաւ օրինագիծը
Վրաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցումով անցեալ շաբաթավերջին փոփոխութիւններ մտցուց Վրաստանի քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ՝ երկրին մէջ գործող կրօնական հինգ միութիւններու՝ Հայ առաքելական եկեղեցիին, կաթոլիկ եկեղեցիին, իսլամական համայնքին, հրէական համայնքին եւ պափթիստական եկեղեցիին շնորհելով իրաւաբանական անձի կարգավիճակ:
Օրինագիծի երկրորդ ընթերցումը տեղի ունեցաւ 6 Յուլիսին:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է խորհրդարանի քայլը
Արտաքին գործոց փոխնախարար Նինօ Գալանտաձէ յայտնած է, որ կրօնական միութիւններու արձանագրութեան հարցը քննարկուած է նաեւ ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի՝ Վրաստան կատարած այցին ժամանակ:
«Վրաստանի մէջ գործող կրօնական միութիւններու կարգավիճակի փոփոխութեան հարցը բարձրացուցած են շատ բարեկամական երկիրներ», ըսած է Գալանտաձէ:
Վրաց պատրիարք Իլիա Բ.ի հակադիր կեցուածքը
Ամենայն վրաց պատրիարք Իլիա Բ. հակադրուելով այս քայլին՝ Վրաստանի խորհրդարանին կոչ ուղղած է յետաձգելու քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու քննարկումը:
«Անհրաժեշտ է դադրեցնել երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով համապատասխան օրէնքի ընդունման գործընթացը եւ հրապարակաւ քննարկումներ իրականացնել, որպէսզի ձեւաւորուի միասնական հասարակական կարծիք եւ ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ ձեռք բերուի համաձայնութիւն, քանի որ բնակչութեան մեծ մասը ուղղափառ քրիստոնեաներ են», յայտարարած է Իլիա Բ. փորձելով հիմնաւորել իր ընդդիմութիւնը:
Վրացի պատրքիարքը աւելցուցած էր, որ վրացական եկեղեցին երբեք դէմ չէ եղած կրօնական այլ միութիւններուն իրաւական կարգավիճակի շնորհման, սակայն, ըստ անոր, պէտք է ստեղծուի պետական յանձնաժողով, ուր պիտի ուսումնասիրուի այդ հարցը:
Վրաց պատրիարքը յայտարարած էր, որ եկեղեցիներու մասին խօսելու ժամանակ‘ պէտք չէ մոռնալ, որ երկու կողմերն ալ պահանջներ ունին: Ան նաեւ հայկական կողմին առաջարկած էր համապատասխան յանձնախումբ ստեղծել‘ վիճայարոյց հարցերը քննարկելու համար:
Թէեւ հոգեւոր պետերը այդպէս ալ համաձայնութեան չէին եկած, սակայն Վրաստանի իշխող Ազգային շարժում կուսակցութիւնը‘ նախագահ Սահակաշվիլիի գլխաւորութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրած էր օրէնսդրական փոփոխութիւնը եւ առաջին ընթերցումով ընդունած էր զայն:
Իլիա Բ. պատրիարքը յայտնեց, որ այդ որոշումը անակնկալ էր ոչ միայն հոգեւոր դասին, այլեւ Վրաստանի ժողովուրդին համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց նշել, որ որեւէ այլ երկրի մէջ մինչեւ այսօր վրացական ուղղափառ եկեղեցիներու տնօրինման ու պահպանութեան հարցը չէ դրուած, ոչ ալ քննարկուած է անոնց կարգավիճակ տրամադրելու հարցը, ինչպէս նաեւ այս համապատկերին մէջ իրենց համար անհասկնալի է այսպիսի կարեւորագոյն փաստաթուղթի ընդունումը արագ ընթացակարգով եւ առանց հասարակական քննարկումներու:
Վրացական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին աշխարհիկ վերնախաւին մէջ: Ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, որ իշխանութիւնները կը դաւաճանեն ազգային շահին եւ նոյնիսկ կը շրջանցեն պատրիարքին խրատները:
Վրաստանի թեմի առաջնորդ. «Կրօնական համայնքները կը սպասէին այս քայլին»
Հայկական կողմէ, Վրաստանի խորհրդարանի քայլը գնահատած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ, Վազգէն եպս. Միրզախանեան:
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցի ընթացքին Վազգէն եպս. յայտնած է. «Հայ առաքելական եկեղեցու Վրաստանի թեմը եւ հոգեւորականութիւնը ողջունում է Վրաստանի իշխանութիւնների այդ մօտեցումը, եւ կարծում ենք, որ դա (համապատասխան որոշումը) յարիր է ժողովրդավարական երկրին: Ինչպէս հայկական եկեղեցին, այնպէս էլ Վրաստանի այլ կրօնական համայնքները տարիներ շարունակ սպասում էին այդ որոշմանը»:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ համապատասխան օրէնքը մեծ արտօնութիւններ պիտի շնորհէ հայկական եկեղեցիին եւ թեմին:
«Անկասկած, նախքան այդ որոշումը եւս, մեր փաստացի ներկայութիւնը ճանաչւում էր Վրաստանի իշխանութիւնների, Վրաստանի պատրիարքարանի եւ վրացական հասարակութեան կողմից: Սակայն, երբ այդ օրէնքը վերնջնականապէս ընդունուի եւ գրանցուելու հնարաւորութիւն ընձեռնուի, ապա դա, անկասկած, մեծ արտօնութիւններ կը տայ այն առումով, որ մենք կը գործենք իրաւական դաշտում, եւ որ ամենակարեւորն է, մեր եկեղեցիների նկատմամբ, որոնք դեռեւս Վրաստանի մշակոյթի նախարարոթեանն են պատկանում, մենք աստիճանաբար սեփականութեան իրաւունք ձեռք կը բերենք», ըսած է եպիսկոպոսը:
Միրզախանեան ընդգծած է, որ այդ որոշումը, այդուհանդերձ, անսպասելի չէ եղած եւ բոլորը՝ թէ՛ հայերը, թէ՛ վրացիները գոհ են այդ որոշումէն: «Վրաստանի նախագահը, մեծ յարգանք տածելով հայոց կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ ամենայն վրաց պատրիարք Իլիա 2րդի նկատմամբ ընդառաջ գնաց», ըսած է Միրզախանեան: