ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ուիքիլիքս»ի կողմէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթ մը՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարար Էրթուղրուլ Ափաքանի 2008 Դեկտեմբերին Ուաշինկթըն կատարած այցին մասին, կը վկայէ, թէ Անգարա եւ Ուաշինկթըն 2008ին լուրջ յոյսեր կը փայփայէին, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ գտնել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման բանալին։


Փաստաթուղթին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է Ափաքանի եւ Միացեալ Նահանգներու ԱԳ փոխնախարար Տենիէլ Ֆրիտի բանակցութիւններուն ընթացքը:
Փաստաթուղթը կը պարզէ, թէ ամերիկացի եւ թուրք դիւանագէտներու քննարկման հիմնական թեմաներէն մէկը ղարաբաղեան կարգաւորումն էր:
«Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, թուրք դիւանագէտները կ՛ընդգծէին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իրենց հաւաստիացուցած են, թէ բանակցութիւնները բաւական յաջող ընթացք ունին, եւ առկայ են խնդիրի լուծման բաւական լաւ հնարաւորութիւններ», 2008 Դեկտեմբերին նշած են պետական բաժանմունքի աշխատակիցները: Ֆրիտի եւ Ափաքանի հանդիպման ներկայ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի այն ժամանակուան ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա, կողմերուն տեղեկացուցած է, թէ գործընթացը առաջ տանելով՝ Սերժ Սարգսեան աւելի մեծ վտանգի կը դիմէ, եւ հարկ է նկատել, որ Իլհամ Ալիեւ բաւական բարձր կը գնահատէ անոր այդ փոխգործակցութիւնը»:
Գաղտնազերծուած փաստաթուղթէն նաեւ պարզ կը դառնայ, որ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններու զգալի հատուածը նուիր- ւած եղած է Հայաստանի նախագահի անձին եւ գործունէութեան քննարկման:
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշեց, որ Իլհամ Ալիեւ բաւական բարձր կը գնահատէ Սերժ Սարգսեանի կառուցողական դիրքորոշումը, եւ ընդհանուր առմամբ, բաւական դրական կարծիք ունի անոր մասին», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրումէն ընդամէնը տասը ամիս առաջ ըսած էր. «Ատրպեճանա-հայկական եւ թրքա-հայկական խնդիրներուն միջեւ մենք ուղղակի կապ չենք տեսներ: Այնուհանդերձ, կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ հնարաւոր յառաջընթացը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն վրայ»:
Ափաքանը մէկ անգամ եւս կրկնած էր, որ երկու խնդիրները փոխկապակցութիւն չունին, եւ պաշտօնական Անգարան անոնցմով պիտի զբաղի առանձին-առանձին: Ամերիկացիները, իրենց կարգին, յոյս յայտնած էին, թէ թրքական կողմը օգտակար դերակատարութիւն պիտի ունենայ՝ մասնաւորապէս դրդելով Ալիեւը կարգաւորման համաձայնագիրը աւարտուն տեսքի բերելու:
«Ընդհանուր առմամբ, թէ՛ Անգարայի եւ թէ Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ համաձայնագիրի ստորագրման հնարաւոր ժամկէտ՝ բանակցութեան մասնակիցները կը նշէին 2009ի կէսերը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ: