Անգարայի գործադրած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները որոշում կայացուցած են՝ արգիլելու ուքրանական Image միջազգային գործարար ամսագիրի ամբողջութեամբ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած համարին վաճառքը։
Համարին մէջ տեղ գտած են Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ճիհան» գործակալութիւնը, Քիեւի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ահմեթ Պիւլէնթ Մերիչ պարբերականին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տեղ գտած հրապարակման պատճառով՝ իր բողոքը արտայայտած է Քիեւին: Վերջինս նամակ ուղարկած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պահանջած՝ Image ամսագրի հերթական համարը վաճառքի չհանել: Թուրքիոյ պաշտօնական թեզը արտայայտող նամակ մը տեղադրուած է Image-ի ելեկտրոնային տարբերակի առաջին էջին: