ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Իկոր Պոպով (Ռու-սաստան) եւ Ռոպըրթ Պրատգէ (ԱՄՆ) Պաքուէն մեկնած են Երեւան: Այս մասին կը տեղեկացնէ “ԱՊԱ” գործակալութիւնը:


Պաքուի միջազգային օդակայանին մէջ Պեռնար Ֆասիէ մանրամասներ չէ ներկայացուցած Ատըրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին՝  նշելով, որ տարածաշրջանային այցը առայժմ աւարտած չէ: Ֆասիէ իր կարգին  նշած է, որ այցելութիւններէն ետք իրենք հանդէս պիտի գան համատեղ յայտարարութեամբ:
Ամերիկացի համանախագահ Ռոպերթ Պրատգէ, ընդգծելով, որ ԱՄՆ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման կողմնակից է, ըսած է. “Միացեալ Նահանգները ջանքեր գործադրած է   այդ  ուղղութեամբ”: