Ամառնային այս օրերուն, երբ Հայաստանի քաղաքական ուժերը նոյնպէս կը վայելեն ամառնային հանգիստը, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ կÿունենան Հայաստանի տարբեր մարզերու բնակիչներու հետ: Կը հանդիպին, կը զրուցեն, անոնց խնդիրները կը լսեն, միաժամանակ ներկայացնելով տուեալ ընկերային-տնտեսական, նաեւ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու համար մշակուած՝ Դաշնակցութեան ծրագրերը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը նախընտրեց հանիպիլ մեր երկրի ամէնէն հեռաւոր Տաւուշի մարզի՝ Բերդի տարածաշրջանի բնակիչներուն հետ:
Սահմանամերձ Չինարի գիւղի բնակիչ Սամվէլ Մակարեանը Ա. Ռուստամեանին պատմեց, որ պահածոներու փոքրիկ գործարան մը կÿաշխատի իրենց մօտ: Ընդամէնը 10 աշխակից ունի, սակայն Չինարի եւ շրջակայքի մի քանի գիւղերու բնակիչները հնարաւորութիւն ունին իրենց բերքը յանձնելու գործարան: Սամվէլը դժգոհութիւն յայտնեց, ըսելով թէ սահմանամերձ այս շրջանին մէջ գիւղացիները անտարբերութեան մատնըւած են: Համապատասխան արհեստագիտութեան բացակայութեան պատճառով՝ հողերը չեն մշակեր:
Բերդեցի կին մը Դաշնակցական քաղաքական գործիչին կը բողոքէր՝ թէ իր ընտանիքը ընդամէնը 32 հազար դրամով կապրուի:
Արմէն Ռուստամեանը Բերդեցիներուն ներկայացուց կնոջ բողոքը, յիշեցնելով սպառողական նուազագոյն զամբիւղի օրէնքի մասին Դաշնակցութեան պահանջը, որը կառավարութիւնը կը մերժէ՝ ֆինանսներ չտրա-մադրելու պատճառաբանութեամբ: Մինչդեռ եթէ տնտեսութիւնը ամբողջութեամբ դուրս գայ ստուերէն, կառավարութիւնը աչք չփակէ մենաշնորհներու եւ մի քանի օլիկարխներու գործունէութեան վրայ՝ գումարներ հաստատ կարելի է գտնել:
Այն յայտնեց թէ Ժողովուրդի աջակցութիւնը շատ կարեւոր է, ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու համար եւ թէ Դաշնակցութիւնը ունի իր յստակ ծրագիրը: