ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի կազմակերպող մարմինին նիստը, զոր վարեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
Կազմակերպող մարմինի 18 անդամներէն նիստին ներկայ էին 15ը: Նիստի ընթացքին ներկայացուեցաւ Սեպտեմբեր 19էն 20, Երեւանի մէջ հրաւիրուած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համաժողովի ծրագիրին նախագիծը, քննարկուեցան կազմակերպչական խնդիրներ եւ ընդունուելիք Հռչակագիրին նախնական տարբերակը:
Համաժողովի մասնակիցները Երեւան պիտի ժամանեն Սեպտեմբեր 18ին: Համաժողովը իր աշխատանքին կը սկսի Սեպտեմբեր 19ին, Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Մասնակիցներուն պիտի ողջունէ Հայաստանի նախագահը: Զեկոյցներով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Սեպտեմբեր 19ին համաժողովը պիտի աւարտէ իր աշխատանքը: Սեպտեմբեր 21ին, նշեալ համահայկական համաժողովի մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան Անկախութեան օրուան նուիրուած զօրահանդէսին:
Ըստ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան աւելի քան 400 մասնակիցներ: