Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը նշեց իր անկախութեան 20-ամեակը
Անցնող շաբաթավերջին իրենց աւարտին հասան ԼՂՀի եւ ՀՀի մէջ Արցախի անկախութեան 20ամեակի տօնակատարութիւնները, նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ:
Յոբելենական հանդիսութեանց մասնակցելու համար Ստեփանակերտ կայցելեն Հայաստանի բարձրաստիճան աւագանին: Ղարաբաղ էին նաեւ շարք մը գործող եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի նախկին նախագահները:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արկատի Ղուկասեան, շնորհաւորելով ղարաբաղցիները տօնին առիթով, յոյս յայտնեց, որ 20 տարի ետք Լեռնային Ղարաբաղը ըլլայ տէ ժիւրէ անկախ պետութիւն՝ զարգացած եւ բարգաւաճ: Ղուկասեանի կարծիքով, եթէ աշխարհ պէտք է ճանչնայ այս կամ այն երկրին անկախութիւնը, այդ շարքին նախ եւ առաջ պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղը: «Որովհետեւ Ղարաբաղը ունի ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ պատմական, ե՛ւ իրաւական հիմքեր, որ աշխարհը ճանչնայ այդ անկախութիւնը», ըսաւ Ա. Ղուկասեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ թուարկելով Լեռնային Ղարաբաղի վերջին 20 տարիներու ձեռքբերումները, նշեց. «Արցախի մէջ գրեթէ կը բացակայի տարբերութիւնը, անջրպետը իշխանաւորներուն եւ ժողովուրդին միջեւ, եւ ատիկա իբրեւ օրինակելի հասարակութեան կերպար, կարելի է ընդունիլ եւ զարգացնել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ միւս տարածքներուն մէջ»: