ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ) իր գիտահետազօտական ներուժով աշխարհի բոլոր համալսարաններու շարքին 1051րդ տեղը կը գրաւէ:

Աշխարհահռչակ «Վեբոմետրիքս» վիճակագրական ընկերութեան կողմէ հրապարակուած այս տեղեկութիւնը գոհունակութիւն պատճառած է Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեանին, որ աշխարհի 20 հազար համալսարաններուն մէջ ԵՊՀի դիրքը նկատած է նոյնիսկ ուրախալի:
«Սա չի կարող մեզ չուրախացնել, սակայն մենք լաւ հասկանում ենք, որ այդ ներուժը պահպանելու համար մեծ ջանքեր են պէտք», ըսած է ԵՊՀի ղեկավարը:
Ա. Սիմոնեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այժմ ԵՊՀն կը ծրագրէ «հետազօտական» համալսարանի մը վերածուելու քայլը:«Հետազօտական համալսարանը յատուկ կատեգորիա (դասակարգում) մըն է եւ պահանջում է լարուած, յարատեւ աշխատանք, եւ արագ լուծումներ չի ընդունում», նշած է Սիմոնեան: